Աստուծոյ Աղախին` Մարիա Պոլօնիէզի Երանելի կը Հռչակուի։
Շաբաթ 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30 ին Իտալիոյ Ռովիկօ կոչուած քաղաքին մէջ տեղի
կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ որուն ընթացքին երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին`
Մարիա Պոլօնիէզին (1924-1980)։ Հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը եւ երանացման արարողութիւնը
կը գլխաւորէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչը ։ Մարիա Պոլօնիէզի
ծնած է 21 հոկտեմբեր 1924 ին աղքատ ընտանիքէ մը Ռովիկօ քաղաքին մէջ։ Ընտանեկան վատ
եւ աղքատ իրավիճակի պատճառաւ երիտասարդ հասակին գործի լծուած է ։ 30 յունուար 1980 թուականին
սրտի կաթուածի պատճառով հոգին աւանդեց առ Աստուած։ Անոր մարմիը կը հանգչի Պոզարօ կոչուած
ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։
Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ` Ռատիօ վատիկանի հետ
ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Երանուհիի թողած պատգամի մասին ըսաւ`. Մարիա
Պոլօնյէզի նեցուկ կանգած է որբ մանուկներուն , անոնց դասաւորած է առատաձեռն ընտանիքներու
կամ հաստատութիւններու մօտ։ Ան հանդիսացած է տարակոյի մէջ ապրողներուն, տխրութեան մէջ
մխրճուողներուն՝ խոհեմ խորհրդատու։ Բոլորին օգնութեան հասած է աղօթքով եւ տառապանքով։